ՊՆ-ն Թարմացուցած է ՀՀ Զինուած Ուժերու Մեքենաները

Այլեւայլ, Հայաստան

Համաձայն նախապէս եւ նոր կնքուած պայմանագրերու` կը շարունակուին զինուած ուժերու կարիքներուն համար սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու մատակարարման աշխատանքները:

ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ մեքենաներու հերթական խմբաքանակը նախատեսուած է զինուած ուժերու մեքենաներու պահոցի թարմացման, ստորաբաժանումներու մարտունակութեան բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգ տեղափոխման համար: