Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան Ներկայ Եղած են Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգին

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան, Յունուար 29-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ ներկայ եղած են Կոմիտասի 150-ամեակի յոբելինական տարուան ձեռնարկներու մեկնարկը ազդարարող համերգին:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ընթացքին համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է Հայաստանի պետական ազգային ակադեմիական երգչախումբը` խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի գլխաւորութեամբ: