Հոգեհանգստեան եւ Թաղման Արարողութիւն Ազատամարտիկ Վարուժան Կարապետեանի

Հայաստան

Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի ազատամարտիկ Վարուժան Կարապետեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունուար 30-ին, Կոնտի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ (Կեդրոն վարչական շրջան, Կոզեռնի փողոց), ժամը 17:30-19:30:

Հինգշաբթի՝ Յունուար 31-ին, Կոնտի եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 12:30-13:00 տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ՝ Տէր Ոսկան արք. Գալփակեանի:

Ժամը 13:30-14:00 թափօրը պիտի ուղղուի եռաբլուր, այնտեղ հողին յանձնելու հանգուցեալի անշունչ մարմինը: