Հայ Դատը Կ՛առաջարկէ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրք Դեսպանի Նստավայրին Փողոցը Վերանուանել «Դեսպան Մորկընթաու»

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կ՛առաջարկէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրին փողոցը վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի անունով:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահները այդ փողոցին վրայ դաժանաբար ծեծած էին խաղաղ ցուցարարներ, ներառեալ հայեր, որոնք հոն հաւաքուած էին 2017 Մայիս 16-ին, Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ բողոքելու համար։