Թիֆլիսի Մէջ ՀՀ Զինուած Ուժերու Կազմաւորման 27-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 27-ամեակին առիթով, Յունուար 28-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը՝ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի գլխաւորութեամբ՝ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասի եւ թիֆլիսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած փառապանծ հայ զօրավարներ՝ Միխայիլ Լորիս-Մելիքովի, Իվան Լազարեւի, Պորիս Շելգովնիգովի, Արզաս Տէր-Ղուկասովի յիշատակին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Արարողութեանը կը մասնկացէր նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զօրավար Էնրիքօ Ապրիամովը։

Իր խօսքին մէջ, դեսպան Սադոյեան, անդրադառնալով տօնի խորհուրդին, նշեց, որ Հայոց բանակը կազմաւորուելով դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ, անցաւ փառաւոր ուղի եւ այժմ կը համարուի տարածաշրջանի ամենամարտունակ բանակներէն մէկը։

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Տիգրան Յովհանիսեան, իր հերթին խօսեցաւ Հայոց բանակի կազմաւորման, զարգացման ու բանակաշինութեան հիմքերուն մասին, անդրադարձաւ ռազմական ոլորտին մէջ հայ ժողովուրդի հարուստ աւանդոյթներուն։

 

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն