
Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած է «Եռաբլուր» Պանթէոն
Հայոց բանակի օրուան առիթով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու հետ, ՊՆ եւ ԶՈւ ղեկավար կազմին ուղեկցութեամբ՝ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Վարչապետը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրին:
Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի թանգարանի կառուցման նախագիծին եւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։