Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Սփիւռք

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը` ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ, կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի զարգացումներուն վրայ:

Փայլան շեշտեց, որ Թուրքիա կը խուսափի առերեսուելու իր անցեալին հետ: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը հիմք կրնայ ծառայել արդարութեան հաստատման եւ բազմաթիւ անլոյծ հարցերու լուծման:

Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին Կարօ Փայլան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն: