
Բանակը Պէտք է Մասնակցի Երկրի Տնտեսութեան Զարգացման. Արմէն Սարգսեան
Բանակը պէտք է դնէ յստակ խնդիրներ, յառաջ բերէ ուժերը եւ ընդհանուր առմամբ շոգեմեքենայի դեր տանի: Լրագրողներու հետ այսօրուան զրոյցին, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին նշած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ ընդգծելով, որ բանակը պէտք է մասնակցի տնտեսութեան զարգացման:
«Բանակը, խնդիրներ դնելով, պէտք է ակնկալէ ժամանակակից ու նորարարական, նաեւ յաճախ անսպասելի որոշումներ, որոնք պարտադիր չէ, որ ըլլան արտատպումը կամ կրկնօրինակումը օտար լուծումներու: Մենք կրնանք մերը ստեղծել, մեր օրինակը ունենալ: Բանակը խնդիր ունի մասնակցելու ոչ միայն երկրի պաշտպանութեան, այլեւ տնտեսութեան զարգացման»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Լրագրողները հետաքրքուած են, թէ կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններով, նոր ստեղծուող նախարարութեամբ՝ որքան հնարաւոր պիտի ըլլայ այդ խնդիրները լուծել:
«Թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ կառավարութեան կառուցուածքը, ատիկա նոյն կառավարութեան ու վարչապետի գործն է: Նոյն աշխատանքը կարելի է ընել 10 հոգիով կամ 20 հոգիով: Ես վստահ եմ, որ մեր վարչապետը կը մտածէ այնպէս ընել, որ աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ կառավարութիւնը: Ես իմ անձնական փորձառութիւնը ունիմ, իմ պատկերացումները ունիմ, բայց մէկ բան յստակ է՝ լուծումը միայն կառուցուածքային պիտի չըլլայ, այլ, ըստ էութեան: Մենք պէտք է գիտակցինք, որ մեր բանակը վաղը կամ միւս օրը կարիք պիտի ունենայ ամենաժամանակակից ճարտարագիտութիւններու, որոնք պիտի ըլլան շատ արժէքաւոր, յաճախ անհասանելի, բայց մենք ի վիճակի ենք անոնց մէկ մեծ մասը ինքնուրոյն ստեղծելու եւ վաճառելու: Եթէ մենք որեւէ արժէքաւոր գաղափար, նոր զէնքի տեսակ առաջարկենք, գերտէրութիւնները հաճոյքով մեզմէ պիտի գնեն: Մենք պէտք է նայինք աշխարհին, տեսնենք, թէ ով ինչ ունի, սորվինք, համոզենք, բերենք այստեղ, համատեղ աշխատինք: Ասիկա, ի հարկէ, ժամանակ պիտի պահանջէ»,- աւելցուցած է ՀՀ նախագահը: