
Դուք Միշտ Արդիական էք. ՀՀ Վարչապետը Շնորհաւորած է Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
«Մեծարգոյ Տիգրան Մանսուրեան,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ ծննդեան 80-րդ տարեդարձին առիթով։ Դուք իրաւամբ վաստակած էք համաժողովրդական սէր ու յարգանք, ճանաչում եւ գնահատանք։ Ձեր ստեղծագործութիւնները կը կատարուին ու կը հնչեն աշխարհի մեծ բեմերէն։ Դուք միշտ արդիական էք, բայց նաեւ միշտ ստեղծագործաբար կը շարունակէք հայ եւ համաշխարհային դասական երաժշտութեան աւանդոյթները։
Կը մաղթեմ Ձեզ առողջութիւն, ստեղծագործական եռանդ եւ յաջողութիւններ։
Կը սիրենք Ձեզ եւ կը հպարտանանք Ձեզմով»,- ըսուած է վարչապետի ուղերձին մէջ։