Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը Լոս Անճելըսի Մէջ Պիտի Նշուի Համերգով

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի հայ արդի դասական երաժշտութեան ռահվիրայ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ՀՀ ժողովրդական արտիստ, երաշժտահան Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակը: Յոբելինական տարեդարձին առիթով, «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարը Յունուար 27-ին կազմակերպած է «Վարպետ» խորագիրով համերգային ձեռնարկ՝ ներկայացնելու աշխարհահռչակ մեր հայրենակիցին ստեղծագործութիւնները: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Զիփր» համերգասրահին մէջ:

«Դիլիջան»-ի գեղարուեստական ղեկավար Մովսէս Պօղոսեանի տեղեկութիւններով՝ ծրագիրը կը ներառէ Մանսուրեանի տարբեր շրջաններու գործերը: «Համերգը պիտի սկսի Մանսուրեանի՝ «Արս Պոէթիքա» երգչախումբի համար գրուած գլուխ գործոցով, որ երգահանի իւրատեսակ յարգանքի տուրքն է իր ամենասիրելի հայ բանաստեղծներէն մէկուն՝ Եղիշէ Չարենցին: Ներառուած են նաեւ Մանսուրեանի կամերային երաժշտութեան երեք լաւագոյն գործերէն՝ «Երեք միջնադարեան տաղ ջութակի եւ հարուածային գործիքներու համար», «Ագնուս դէի»-ն եւ «Լարային քառեակ համար 3» ստեղծագործութիւնը, որ ստեղծուած է 1993-ին՝ Հայաստանի համար ծանր ժամանակաշրջանի մը: Դիլիջան համերգաշարի եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան երաժիշտներէն բացի, համերգին պիտի մասնակցին նաեւ հրաւիրուած յայտնի այլ երաժիշտներ, ինչպէս՝ «Գրեմի»-ի մրցանակակիր, ալթահար Քիմ Քաշքաշեանը, որուն համար Մանսուրեանը գրած է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, հանրածանօթ դաշնակահար Սթիվըն Վանհաուըրտը Պելճիքայէն, թաւջութակահար Մայքլ Քաուֆմանը, տաղանդաւոր քլարինեթիսթ, Լոս Անճելըսի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի անդամ  Պորիս Ալահւերտեանը»,- յայտնած է Մովսէս Պօղոսեան: