Յոյս Ունինք Բարձր Ճարտարագիտութիւններու Ոլորտը Հայաստանի Տնտեսութեան Տեղաշարժը Դարձնելու. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտը պիտի դառնայ Հայաստանի տնտեսութեան տեղաշարժը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ՀՀ վարչապետը ըսած է Մոսկուայի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ժամանակ:

«Բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Հիմա Հայաստանի մէջ, շարք մը ներդրումային ծրագիրներ կան ճարտարագիտական ոլորտին մէջ, եւ մենք յոյս ունինք բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտը դարձնելու Հայաստանի տնտեսութեան տեղաշարժը: Ի հարկէ, թուային օրակարգը շատ կարեւոր է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան համար: Մենք քիչ առաջ Տիգրան Սարգսեանի հետ կը խօսէինք ատոր մասին, ես իմ ելոյթիս ընթացքին ըսի, որ ապրանքներու ելեկտրոնային վերահսկողութիւնը պիտի դիւրացնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ ապրանքներու տեղաշարժը»,- ըսած է Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը աւելցուցած է, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը կ՝աշխատի այդ ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, որ Մայիսին պիտի ներկայացնեն ԵԱՏՄ թուային օրակարգի ցուցակը, որ պատրաստման փուլի մէջ է: «Թուային օրակարգը, ինչպէս նաեւ բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտի զարգացումը շատ կարեւոր են Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Եւրասիական տնտեսական միութեան համար»,- նշած է Փաշինեան: