
Մոսկուայի Մէջ Կայացած է Փաշինեան-Մետվետեւ Հանդիպումը
Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յունուար 25-ին, հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային շարք մը հարցեր, որոնք վերաբերած են առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներուն:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները կարեւոր համարած են առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու շարունակական աճը եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու շարունակական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ անիկա նոր թափ պիտի ստանայ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական փոխգործակցութեան այլ կէտերու: