
«Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամ»-ի Տնօրէնին Մեղադրանք Առաջադրուած է Դրամի Լուացում եւ Իւրացում Կատարելու Համար
Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան մէջ քննուող քրէական գործին ծիրէն ներս՝ «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէնին մեղադրանք առաջադրուած է` առանձնապէս մեծ չափերով դրամի լուացում եւ առանձնապէս մեծ չափերով իւրացում կատարելու համար: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Քննչական կոմիտէն նախապէս յայտնած էր, որ 2018 Մայիս 25-ին, ՀՀ քննչական կոմիտէն ստացած է «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Կարէն Աւագեանի դիմումը, ըստ որուն, Ապրիլ 6-ին, Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեալ հիմնադրամին անունով ինքն իր հետ կնքած է 326.000.000 ՀՀ դրամի փոխառութեան պայմանագիր:
Դիմումին հիման վրայ՝ ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան մէջ նախապատրաստուած էին նիւթեր, որոնց արդիւնքներով յարուցուած էր քրէական գործ՝ առանձնապէս խոշոր չափերով իւրացում կատարելու դէպքին առիթով՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով։
Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէնը, 2010-էն հանդիսանալով հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, 2013 Ապրիլ 29-էն մինչեւ 2018 Մայիս 22 ինկած ժամանակահատուածը, իւրացման եղանակով հիմնադրամէն յափշտակած է իրեն վստահուած առանձնապէս խոշոր չափերու գումար:
Նպատակ ունենալով թաքցնել եւ խեղաթիւրել առերեւոյթ յափշտակուած առանձնապէս խոշոր չափի գումարի յանցաւոր ծագումը, անոր իրական բնոյթը՝ օրինականացուցած է զայն՝ փոխկապակցուած տարբեր ընկերութիւններու եւ ֆիզիքական անձերու հաշուեհամարներուն մաս-մաս փոխանցելու, կանխիկացնելու, ինչպէս նաեւ՝ տարատեսակ գործարքներ իրականացնելու միջոցով:
Այսպէս՝ գործադիր տնօրէնը 2013 Ապրիլ 29-էն մինչեւ 2018 Մայիս 22 ինկած ժամանակահատուածին հիմնադրամէն իւրացման եղանակով յափշտակուած, յանցաւոր ճանապարհով ստացուած 325.600.000 ՀՀ դրամ գումարի յանցաւոր ծագումը թաքցնելու նպատակով, առանձանապէս խոշոր չափի՝ 226.464.209 ՀՀ դրամ գումարը, մշակուած յանցաւոր մեքենականութիւններու եւ ցանկերու կիրառումով, հաշիւէ հաշիւ փոխանցելու, քօղարկելու եւ մասնատելու եղանակով օրինականացուցած է: Մասնաւորապէս՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը նոյն ժամանակահատուածին՝ յիշեալ գումարը կանխիկ փոխանցած է իր մօր անունով արձանագրուած դրամային հաշուեհամարներուն:
Այնուհետեւ, 15.05.2013-էն մինչեւ 29.12.2016 ինկած ժամանակահատուածը, մօր հաշուեհամարէն 539.332 ԱՄՆ տոլար գումարը փոխանցուած է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող դրամատուներէն մէկուն հաշուեհամարներուն, որմէ ետք՝ 14.05.2013-էն մինչեւ 30.12.2016 ինկած ժամանակահատուածը՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող հաշուեհամարներէն 490.583 ԱՄՆ տոլար փոխանցած է կնոջ՝ Մ.Ղ.-ի հաշուեհամարին, ապա կնոջ հաշուեհամարէն 477.485 ԱՄՆ տոլար գումարը փոխանցուած է իր՝ հայաստանեան հաշուեհամարին եւ կանխիկացման ու դրամատնային փոխանցման եղանակով օգտագործած է իր անձնական կարիքներուն համար:
2019 Յունուար 24-ին, «Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէնին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով:
Քննիչը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան՝ անոր նկատմամբ խափանման միջոց կալանաւորումը ընտրելուն վերաբերեալ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Ծանուցում. ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով: