
Արցախի Իշխանաձոր Համայնքի Բնակչութեան 2018-ի Աճը Կազմած է Աւելի Քան 200 Մարդ. Արայիկ Յարութիւնեան
Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ, 2018-ին, մասնաւորապէս պետական միջոցներով կառուցուած 52 առանձնատուներու շնորհիւ՝ բնակավայրի բնակչութեան մեքենական աճը կազմած է աւելի քան 200 մարդ՝ հասնելով 600-ի:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
Ըստ անոր, Իշխանաձորը այսօր ունի մօտ 250 դպրոցական ու նախադպրոցական տարիքի փոքրիկներ:
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, սիրելի՛ կուսակիցներ
Այս տարուան շրջանային կուսակցական հանդիպումներուն շարքը որոշած եմ սկսիլ Քաշաթաղէն: Մասնաւորապէս երէկ՝ Յունուար 24-ին, այցելած եմ շրջանի հարաւային թեւ եւ Իշխանաձոր համայնքին մէջ հանդիպած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ենթաշրջանային կազմին հետ։
Կը կարծեմ՝ բովանդակային առումով շատ կարեւոր քննարկումներ ունեցած ենք կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներու եւ ընելիքներու վերաբերեալ։ Ուրախ եմ արձանագրելու, որ տեղի կուսակցական կորիզին կողմէ նախաձեռնողականութեան պակաս չկայ, իսկ երիտասարդներու ներգրաւումով՝ կուսակցական շարքերու աշխոյժ համալրման գործընթացը կը շարունակուի։
Այցին ընթացքին առիթ ունեցած եմ տեսակցելու նաեւ իմ ընտանիքի համար շատոնց հարազատ դարձած սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչոյի ընտանիքին, որ երեք դուստրերուն հետ Արցախ տեղափոխուած է 2016-ին, Գամիշլիէն։ Միայնակ մեծցնելով երեք զաւակները՝ Հայկը պատուով կը կատարէ բժիշկի, քաղաքացիի եւ հօր առաքելութիւնը: Իսկ մեծ աղջիկը՝ Աննան, որ այս տարի ընդունուած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարան, պիտի շարունակէ հօր գործը։
Առհասարակ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի պաշտօնին աշխատելուս տարիներուն՝ հաշուի առնելով Քաշաթաղի շրջանի խնդիրներուն առանձնայատկութիւնները, փորձած եմ համաչափ ուշադրութեան արժանացնել զանոնք, եւ ձեռքբերումները այսօր ակներեւ են: Անդրադառնալով անոնցմէ մէկուն՝ նշեմ, որ 2018-ին, մասնաւորապէս պետական միջոցներով, Իշխանաձորի մէջ կառուցուած 52 առանձնատուներուն շնորհիւ՝ բնակավայրի բնակչութեան մեքենական աճը կազմած է աւելի քան 200 մարդ՝ ընդհանուր քանակը հասցնելով 600-ի: Համայնքը այսօր ունի դպրոցական ու նախադպրոցական տարիքի մօտ 250 երեխայ։ Կա՞յ արդեօք աւելի մեծ արժէք ու նուաճում…»,- գրած է Արայիկ Յարութիւնեան։