Անդրէասեանի Եւ Ճիւլանի Ստեղծագործութեանց Ցուցահանդէս՝ «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ

Սփիւռք

«Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Ուրբաթ, 8 Փետրուարէն սկսեալ, Կարօ Անդրէասեանի եւ Ճօէն Ճիւլանի ստեղծագործութեանց իւրայատուկ ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ։

Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի 8 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն 9:30 տեղի ունենալիք ընդունելութեամբ:

Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise St., Glendale, CA 91205:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 8 Մարտ, իսկ ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11-5, իսկ Շաբաթ օրերը՝ ժամադրութեամբ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել
www.tufenkianfinearts.com կայքը կամ
www.facebook.com/tufenkianfinearts կայքէջը: