ԱՄՆ-ն Կ՝աջակցի Հայաստանի Համար Բարգաւաճ Ապագայ Ապահովելու Փաշինեանի Ջանքերուն. Ճոն Պոլթըն

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Յունուար 23-ին ունեցած հեռախօսազրոյցին վերաբերեալ նշում կատարած է Twitter-ի իր էջին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Երէկ հեռաձայնեցի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին՝ շնորհաւորելու վերանշանակման առիթով եւ ողջունելու հայ ժողովուրդը, Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն առիթով: ԱՄՆ-ն կ՝աջակցի Հայաստանի համար բարգաւաճ ապագայ ապահովելու անոր ջանքերուն»,- գրած է Պոլթըն:

Հեռախօսազրոյցին մասին նախապէս գրած էր նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ: Քննարկեցինք տարածաշրջանային իրավիճակին եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Թէ՛ պարոն Պոլթընը, թէ՛ ես ընդգծեցինք հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը մեր կառավարութիւններուն համար: Համաձայնեցանք շարունակել քննարկումները մեր յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման շուրջ: ՅԳ. Արցախի հարցին անդրադարձ չէ եղած»,- գրած էր ան: