Տիկին Նունէ Սարգսեան «Բարի Տնակ» Այցելած է
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան, այսօր, այցելած է «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադրած «Բարի տնակ»: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի գրասենեակէն։
Տիկին Սարգսեան՝ կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Մարինէ Ատուլեանի ուղեկցութեամբ՝ շրջած է շէնքին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, մատուցուող ծառայութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան նպատակն է կանխարգիլել հաշմանդամութեան պատճառով նորածինները լքելու գործընթացը, աջակցիլ մանկատան՝ հաշմանդամութիւն ունեցող սաներուն, նպաստել երեխաներուն եւ անոնց կենսաբանական ընտանիքներու միաւորման:
Շրջայցի աւարտին՝ տիկին Նունէ Սարգսեան անմիջական զրոյց ունեցած է «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիրներուն եւ աշխատակիցներուն հետ, յանձնած «Բարի տնակ» նախագիծի իրագործման համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հանգանակած նուիրատւութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան, նշած է, որ «Բարի տնակ»-ը, «Բարի մամա»-ն համեստօրէն, լուռ ու մունջ ըրած են իրենց գործը:
«Ինծի համար յայտնագործութիւն էր: Առաջին անգամ մտնելով այս, իսկապէս բարի տեսքով տնակը, շատ տպաւորուած եմ եւ յոյսով եմ, որ պիտի կարենամ օգնել իրենց ինչով կրնամ»,- ըսած է տիկին Սարգսեան: »
Հանրապետութեան նախագահի տիկինը նշած է, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի «Բարի տնակ»-ի շահառու երեխաները իրենց զգան հասարակութեան անբաժանելի մասը:
«Կարեւոր է այսպիսի անձերուն եւ երեխաներուն կրթութիւն տալ, անոնց արհեստ, արուեստ սորվեցնել: Այդպիսով անոնց կեանքը պիտի լեցուի, անոնք պիտի կարենան ապրիլ երկար տարիներ, մինակ չզգալ: Երկրորդը. մենք մեր քաղաքին մէջ եւ, առհասարակ, մեր երկրին մէջ պէտք է յարմարութիւններ ստեղծենք այսպիսի անձերու շարժման»,- ըսած է հանրապետութեան նախագահի տիկինը:
