Պետութիւնը Մշտապէս Առանձնայատուկ Ուշադրութեան Կեդրոնի Պիտի Պահէ Բանակաշինութեան Խնդիրները. ԱՀ Նախագահ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 24-ին, Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին՝ նուիրուած 2018-ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2019-ի ընելիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Իր ելոյթով՝ երկրի ղեկավարը անդրադարձած է 2018-ին բանակաշինութեան ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, յանձնարարականներ տուած 2019-ին նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սահակեան, 2018-ի աշխատանքները գնահատած է բաւարար, ընդգծելով, որ Պաշտպանութեան բանակը յուսալիօրէն իրականացուցած է երկրի եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման իր առաքելութիւնը, անառիկ պահած է պետութեան սահմանները, կարեւոր ներդրում ունեցած տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ:

Կանգ առնելով 2019-ի ընելիքներուն վրայ՝ նախագահը շեշտած է, որ անոնց արդիւնաւէտ լուծման համար պիտի պահանջուի ամենօրեայ քրտնաջան ու համակարգուած աշխատանք եւ համոզմունք յայտնած, որ պաշտպանութեան բանակը, անոր բոլոր ստորաբաժանումները, ինչպէս միշտ, պիտի ընեն հնարաւորը՝ դրուած խնդիրներու պատշաճ կատարման ուղղութեամբ:

«Պետութիւնն ալ, իր հերթին, մշտապէս առանձնայատուկ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ բանակաշինութեան խնդիրները, մեր զինուած ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը, զինծառայողներու հասարակական-կենցաղային խնդիրներու լուծումը»,- նշած է Բակօ Սահակեան: