Պարոյր Սեւակի 95-ամեայ Յոբելեանը Պիտի Նշանաւորուի Պոէզիայի Երեկոյով
Հայ մեծանուն գրող Պարոյր Սեւակ, որուն ստեղծագործութիւնները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն մինչ օրս, Յունուար 24-ին պիտի դառնար 95 տարեկան:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ գրողի յոբելեանին առիթով, Յունուար 25-ին, Աւ. Իսահակեանի անուան Կեդրոնական գրադարանին մէջ պիտի իրականացուի «Պոէզիայի օր» խորագիրով երեկոյ:
Սեւակի գործերը պիտի ներկայացնեն դերասանուհիներ Գայիանէ Սամուէլեան եւ Այտա Ասատուրեան:
