
Նախագահ Բակօ Սահակեան Իր Նստավայրին Մէջ Ողջունեց ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին Մասնակցողները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 23-ին, ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին մասնակցողները:
Արցախի Հանրապետության նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սահակեան ողջունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելու քայլը՝ զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն Արցախի համար:
Նախագահ Սահակեան արժեւորեց ՀՅԴ-ի ներդրումը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին, պետականութեան ձեւաւորման եւ կայացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու համազգային հարցերու լուծման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերող հարցեր: