
Հայաստանը «Քալաշնիքով» Ընկերութեան Հետ ԱԿ-12 Ինքնաձիգներ Գնելու Պայմանագիր Կնքած է. «Քոմերսանթ»
«Քալաշնիքով» ընկերութիւնը ԱԿ-12 50 նոր ինքնաձիգներ պիտի մատակարարէ Հայաստանին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 24-ին, յայտնած է «Քոմերսանթ» թերթը:
«Պարտաւորագիրը ստորագրուած է, առայժմ մենք կը պատրաստենք ոչ մեծ խմբաքանակ, ուր պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 50 ինքնաձիգ: Անոնք պիտի դիտեն, փորձեն գործնականօրէն, եւ, յոյսով ենք, պիտի շարունակեն գնել»,- ըսած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վլատիմիր Տմիթրեւը՝ հրատարակութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան նաեւ ճշտած է, որ Հայաստանը պիտի դառնայ արտասահմանեան առաջին երկիրը, որ պիտի գնէ ԱԿ-12 ինքնաձիգներ, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»-ը: