Եկայ Ես եւ Ըսի` Ո՛չ. Արամի 23-ի Հարցը Լուծուած է` Պիտի Վերականգնուի եւ Պիտի Չի Տեղափոխուի. Մեսչեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Արամի 23-ի հարցը վերջապէս լուծուած է: Լրագրողներու հետ Յունուար 24-ին կայացած հանդիպման մը ժամանակ, ըստ Yerkir.am-ի, Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան, ամփոփելով պաշտօնավարման 100 օրը, նշած է, որ այսօր ստորագրուած է պայմանագիր` կառուցապատողի, սեփականատիրոջ ու մշակոյթի նախարարութեան միջեւ:

Ան տեղեկացուցած է, որ, պայմանագիրին համաձայն, կառուցապատողը 14 մլն դրամ պիտի յատկացնէ իտալացի ճարտարապետի մը, որ պիտի զբաղի շէնքին վերականգնման նախագիծով:

«Կը կարծեմ` բոլոր կողմերը հիմա պէտք է հանգիստ ըլլան: Ի դէպ, քաղաքապետարանը ոչ մէկ առնչութիւն ունի, մենք ուղղակի զօրավիգ կը կանգնինք, ուղղակի` բարի կամքի դրսեւորում: Արամի 23-ի հարցը ես կը համարեմ փակուած: Քիչ մը զարմանք կայ, քանի որ աղմուկը շատ աւելին էր, քան պէտք էր, քանի որ եկէք չմոռնանք, որ Երեւանի մէջ միայն Արամի պատը չէ, որ քանդուած է, նոյնիսկ մարդկային զոհեր ունեցած ենք»,- ըսած է Մեսչեան:

Ան նշած է, որ իր խոստումը, թէ Երեւանի մէջ ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի, որոշ մարդիկ սխալ հասկցած են, եւ եթէ յուշարձանի մէկ մասնիկը կը պոկուի, ուրեմն մեղաւորը ինքն է:

«Իմ գլխաւոր խնդիրս այն է, որ ոչ մէկ յուշարձան Երեւանի մէջ այլեւս պիտի քանդուի, իմ խնդիրս այդ է: Մնացեալ աշխատանքները` վերակառուցման, վերականգման, մշակոյթի նախարարութեան գործունէութիւնն է, այդ հարցերը իմ «տարածք»էն դուրս են»,- ըսած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը:

Արամի 23-ի հետ կապուած` Մեսչեան անդրադարձած է կարեւոր այլ հարցի մը եւս. ըստ 2004 Հոկտեմբեր 7-ի 1616N համաձայնագիրին` Արամի 23-ը պէտք է տեղափոխուի եւ «Հին Երեւան»-ի մէջ «հանգրուանէ» մնացեալ բոլոր յուշարձաններու կողքին: «Եկայ ես եւ ըսի` ո՛չ: Ի դէպ, վարչապետն ալ կ՝ըսէր` եկէք տեղափոխենք, կը ներէք, բայց ճարտարապետական տեսանկիւնէ ատիկա իմ խնդիրն է, եւ ես կ՝ըսեմ` ո՛չ: Այդ նոյն տարբերակով պիտի պահպանուին մնացեալ բոլոր կառոյցները: Մշակոյթի նախարարութենէն կը պահանջեմ, որ Արամի 23-ի վերականգնման նախագիծը ըլլայ այնպէս, որ 100 տոկոսով ապահովէ յուշարձանին պահպանութիւնը: Այսինքն` եթէ պէտք է որեւէ չափով ստորգետնեայ կայանատեղին կրճատուի, ուրեմն պիտի կրճատուի»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ այն օրը, երբ փլած է Արամի 23-ի պատը, շէնքը տեղափոխելու որոշումը դեռ ուժի մէջ եղած է, ու միայն օրերս ինքը դիմած է, որպէսզի անիկա չեղարկեն:

«Արամի 23-ին շնորհակալ եմ, որ ան զգաստացուց ու բերաւ այն շողուլին, որ պէտք է տրամաբանական աշխատանք կատարուի Երեւանի մէջ»,- նշած է Մեսչեան: