
Բարելաւել Գործարար Միջավայրը, Ներգրաւել Ներդրողներ. ՀՀ Վարչապետը Euronews-ին Ներկայացուցած է Յառաջիկայ Ընելիքները
Հայաստանը կը պատրաստուի քաղաքական յեղափոխութիւնը փոխակերպել տնտեսական յեղափոխութեան: «Euronews»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ կը նախատեսուի զգալի աշխատանք: Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ ՀՀ վարչապետը նշած է, որ Կառավարութիւնը, մասնաւորապէս, կը նախատեսէ բարելաւել գործարար միջավայրը, պարզեցնել ընթացակարգերը, որպէսզի Հայաստանի մէջ գործարար գործունէութիւն ծաւալելը ըլլայ աւելի դիւրին:
«Մենք կը նախատեսենք հարկային փոփոխութիւններ, որոնցմով պիտի բարելաւուի գործարար միջավայրը, որպէսզի դաշտը գրաւիչ ըլլայ իւրաքանչիւր ներդրողի համար: Մենք կը նախատեսենք խրախուսել անապահով ընտանիքները՝ աղքատութիւնը յաղթահարելու գործին: Կը պատրաստուինք հայաստանեան գործարար հարթակի վրայ ձեւաւորել նոր ուղղութիւն՝ փոքր-գործարարութըիւն: Անիկա պիտի ազատուի բոլոր տեսակի հարկերէն: Այս ճանապարհով մենք կ՝ուզենք խրախուսել մեր քաղաքացիները, որ միջոցներ ձեռնարկեն, սկսին գործարար գործունէութիւն եւ կառավարութեան հետ միասին յաղթահարեն աղքատութիւնը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ անդամ է, որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա հսկայական շուկայ է մեր երկրի գործարարներուն համար: Նիկոլ Փաշինեան խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրին մասին: Կարեւոր համարելով զայն՝ ՀՀ վարչապետը ըսած է, որ անիկա պէտք է կեանքի կոչել հնարաւորինս լաւ:
«Այս համաձայնագիրը կ՝առնչուի հասարակական, քաղաքական բարեփոխումներուն, մենք կը նախատեսենք զօրացնել Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկները: Հայաստանի քաղաքացիները ոգեշնչուած են յեղափոխութեամբ, բայց մենք կարիք ունինք մեր ժողովրդավարութիւնը օրինական հիմքով ամրապնդելու, այդ գործին մէջ կ՝ակնկալենք ԵՄ-ի աջակցութիւնը»,- ըսած է ան: