Արցախի Հարցով Պէտք է Վատագոյնին Նախապատրաստուիլ. ԱՄՆ Հայ Դատի Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի հարցով պէտք է հաշուի առնել պատմութեան դասերն ու աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ վատագոյնին: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, Դիմատետրի իր էջին միջոցով անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները «խաղաղութեան նախապատրաստելու» անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններուն:

Ըստ գրութեան, խօսակցութիւնները «բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին» սին են, եթէ չկայ համապատասխան թափանցիկութիւն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հանրութեան իրապէս հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու:

Ըստ Համբարեանի, առանց թափանցիկութեան այդպիսի կոչերը «դուն կրնաս ինշի վստահիլ», «բայց պարտադիր չէ ամէն ինչ գիտնաս» արտայայտութիւններու միջակայքին են:

Յստակ պատկերացում կազմելու համար, ըստ է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնին, հարկաւոր է ստանալ հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.

բանակցութիւններուն հիմքը մատրիտեա՞ն սկզբունքներն են,

որո՞նք են քննարկուող համաձայնագիրին շրջանակները,

ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Արցախի դերը,

Ալիեւը հրաժարա՞ծ է իր «երբեք Արցախ» դիրքորոշումէն,

ո՞ր դրոյթներն են առաջնային եւ որո՞նք` երկրորդական,

ո՞րն է յետաձգուող յանձնառութիւններու իրականացման երաշխիքը,

ի՞նչ երաշիքներ պիտի առաջարկուին նոր յարձակումը կանխելու համար,

որո՞նք են իրական ակնկալիքները խաղաղապահներէն:

Անոր տեղեկութիւններով, նաեւ հարց կ՝առաջանայ, թէ հաստատման պարագային ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուի համաձայնագիրը կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ:

«Օրինակ, եթէ Արցախը տարածք յանձնէ, հարց կ՝առաջանայ, թէ պիտի կատարէ՞ արդեօք Ատրպէյճանը Արցախի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները: Թէ Պաքուն այդ զիջումը իբրեւ տկարութիւն պիտի ընկալէ ու տարածքային նոր նկրտումներ ներկայացնէ, մինչեւ որ Արցախը ամբողջութեամբ, հայերով կամ առանց հայերու, չյայտնուի Պաքուի վերահսկողութեան տակ»,- նշուած է արձանագրութեան մէջ:

Ըստ Համբարեանի՝ պէտք է լաւագոյնի յոյսը փայփայել, բայց Արցախի հարցով պէտք է հաշուի առնել պատմութեան դասերն ու աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ վատագոյնին:

«Անխոհեմ մտածողութեան ժամանակը չէ»,- գրած է Համբարեանը: