Մինչեւ 7 Տարեկան Երեխաներու Բուժումը Անվճար է. Նախարարը կը Զգուշացնէ

Հայաստան

Մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու բուժումը անվճար է եւ յաւելեալ գումար պէտք չէ գանձուի որեւէ հիւանդանոցի կողմէ: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Թորոսեանի խօսքերով, պէտք է նաեւ հասկնալ, որ այդ ապօրինի վճարումներու գանձումը ոչ միայն բուժօգնութեան հետ կապուած խնդիր է, այլ նաեւ` հարկային վարչարարութեան, քանի որ ապօրինի եկամուտ է եւ կրնայ դիտուիլ որպէս շորթում. «Նման արձագանգներ քննելու համար մենք կը դիմենք իրաւապահ մարմիններուն: Մենք նաեւ կ՛աշատինք հիւանդանոցի տնօրէններու հետ, որ բացառեն այդ երեւոյթը։ Աւելին կրնամ ըսել` մանկաբուժութեան մէջ պետութեան կողմէ տրուող գումարները շատ աւելի մեծ են, քան` սովորական պարագաներու` մեծահասակներու համար»:

Առողջապահութեան նախարարը նշեց, որ ամէն ձեւով պէտք է բացառուին մինչեւ 7 տարեկան երեխաներո բուժման համար գումարներ գանձելը: