Հայաստանն ու ԱՄԷ-ն Պիտի Համագործակցին Բնապահպանութեան Ոլորտէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանի Յունուար 14-16 Ապու Տապի կատարած աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան եւ ԱՄԷ կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր:

Նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ յուշագիրով նախատեսուող համագործակցութիւնը պիտի իրականացուի շարք մը ուղղութիւններով, ինչպէս՝ Կլիմայի փոփոխութիւն, կենսաբազմազանութեան պահպանութիւն, բնապահպանական զբօսաշրջութիւն, բնական միջոցներու բանական օգտագործում եւ այլն։

Նախարարը ԱՄԷ կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի նախարար Թանի Ահմէտ Ալ Զյյուտին հրաւիրած է Հայաստան՝ մասնակցելու Կովկասեան ընձառիւծի տարուան նուիրուած ձեռնարկներուն։

Այցին ծիրէն ներս՝ Էրիկ Գրիգորեան այցելած է Գեղանի արոս թռչնատեսակի պահպանման միջազգային հիմնադրամ, հանդիպումներ ունեցած ԱՄԷ շարք մը  նախարարներու հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» համաժողովին ծիրէն ներս կայացած «Ապագայի գագաթնաժողով» (Future Summit) խորագիրով համաժողովին: