Հայաստանի Կառավարութեան Կառուցուածքը Պիտի Փոխուի Յառաջիկայ 1 Ամսուան Ընթացքին. Նիկոլ Փաշինեան
Հայաստանի կառավարութիւնը փաստացի արդէն ձեւաւորուած է, անոր կառուցուածքը այժմ քննարկման փուլի մէջ է եւ փոփոխութեան պիտի ենթարկուի յառաջիկայ 1 ամսուան ընթացքին: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին ժամանակ, «ՌԻԱ Նովըսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Անիկա (կառավարութիւնը) արդէն փաստացի ձեւաւորուած է: Մենք կը ծրագրենք փոխել անոր կառուցուածքը, այժմ քննարկումներ կ՝ընթանան այդ առիթով, պիտի ըլլայ կառուցուածքային փոփոխութիւն՝ մէկ ամսուան ընթացքին»,- ըսած է Փաշինեան:
