Իմ եւ Հայաստանի Նորընտիր Խորհրդարանի Մեծամասնութեան Անունով կը Յայտարարեմ, որ Պատրաստ Ենք ՀՅԴ-ի Հետ Համագործակցութեան. ՀՀ Վարչապետի Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՅԴ 33-րդ ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներուն։

Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Կ՝ողջունեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներն ու հիւրերը:

ՀՅԴ-ն անցած է պատմական մեծ ուղի՝ հերոսական ու ողբերգական, երբեմն՝ հակասական ու վիճելի, երբեմն՝ միարժէքօրէն իրաւացի, յաճախ՝ հալածուած, բայց միշտ կիսած է իր ժողովուրդին ճակատագիրը։ Բացառիկ է Դաշնակցութեան դերը աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման, գաղթօճախներու կազմակերպման, հայկական կառոյցներու կայացման գործին մէջ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերադարձը, անոր վերընձիւղումը մայր հայրենիքի մէջ, ինչպէս դուք աւելի ճշգրիտ կը բնորոշէք, կարեւոր իրադարձութիւն էր ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլեւ ողջ հայութեան եւ յատկապէս Հայատանի եւ Արցախի քաղաքական կեանքին մէջ։

Ընդհանուր ժողովին կը մաղթեմ յաջող ընթացք, արդիւնաւէտ աշխատանք, նաեւ իմաստուն ու հեռատես որոշումներու ընդունում։ Ժողովի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն կը մաղթեմ յաջողութիւններ՝ իրենց հայրենանուէր գործերուն մէջ։

Իմ եւ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի մեծամասնութեան անունով կը յայտարարեմ, որ պատրաստ ենք համագործակցութեան ՀՅԴ-ի հետ։ Մենք նաեւ բաց պիտի ըլլանք ձեր հնչեցուցած առաջարկներուն եւ քննադատութեան հանդէպ։

Յոյսով եմ, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք՝ Դաշնակցութիւնը իր անդամներուն, համակիրներուն եւ ողջ հայութեան պիտի ներկայանայ ո՛չ միայն իր մեծ՝ 129-ամեայ փորձով, հարուստ աւանդոյթներով, այլեւ՝ նոր լիցքերով, թարմ գաղափարներով եւ երիտասարդ ոգիով»։