Բակօ Սահակեան Ընդունած է Ֆրանսայի Հայ Բժիշկներու Միութեան Անդամ Ժան-Միշէլ Էքերեանը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 22-ին, ընդունած է Ֆրանսայի հայ բժիշկներու միութեան անդամ, «Հայ-մետ» բժշկական մարդասիրական ընկերութեան նախագահ, անզգայնացում-վերակենդանացում ոլորտի մասնագէտ Ժան-Միշէլ Էքերեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ ԱՀ առողջապահութեան նախարար Արայիկ Պաղրեան, քննարկուած են առողջապահութեան ոլորտին առնչուող տարբեր հարցեր:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Ժան-Միշէլ Էքերեանին՝ Արցախին մշտապէս սատարելու եւ առողջապահութեան ոլորտէն ներս շարք մը բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու համար ու անոր յանձնած «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ: