Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան Ուժերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Յարձակումի մը

Աշխարհ

Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, սուրիական զինուորական աղբիւրներ յայտնած են, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են Սուրիոյ հարաւային շրջանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան օդային յարձակումի մը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Յարձակումին հետեւանքով մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։