Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդը Շեշտեց Հայ Ժողովուրդի Հաւատարմութիւնն ու Հաւատքը Սուրիական Հայրենիքին
Հասիչէ այցելութեան առիթով, Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հասիչէի նահանգապետին եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, որուն ընթացքին շեշտեց հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնն ու հաւատքը Սուրիական Հայրենիքին, անոր վերականգնումին, սուրիական բանակին մաղթելով նորանոր յաղթանակներու նուաճում, իսկ երկրի վսեմաշուք նախագահին քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք։
Իր կարգին, նահանգապետը շնորհաւորեց հայութիւնը Ս Ծննդեան տօնին առիթով՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ խաղաղ տարի։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
