ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պիտի Դիտարկեն Հայաստանի Ազգային Ժողովի Արտակարգ Ընտրութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 21-25 Յունուար 2019-ին, որուն օրակարգին վրայ է Հայաստանի մէջ 9 Դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու  դիտարկման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը: Նիստի ընթացքին կը  նախատեսուի ԵԽԽՎ նախագահի եւ փոխնախագահներու ընտրութիւն: ԵԽԽՎ-ի օրակարգին վրայ է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտին անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

ԵԽԽՎ-ի հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն է: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Յովհաննէս Իգիթեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Նաիրա Զոհրապեան, «Լուսաւոր Հայաստան»-էն` Էտմոն Մարուքեան: