Ախալքալաքի Պուղաշէն Գիւղին Մէջ Կատարուեցաւ Ազատամարտիկ Միքայէլ Աւագեանի Կիսանդրիին Բացումը
Յունուար 20-ին, Ախալքալաքի շրջանի Պուղաշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկ Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը։
Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ կիսանդրիի բացման արարողութենէն ետք ներկայացուեցան հայկական ու վրացական երգերու եւ պարերու կատարումներ, ինչպէս նաեւ հնչեցին բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ:
Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրիի բացման ելոյթ ունեցաւ զոհուած ազատամարտիկին կինը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, դեսպանատան դիւանագէտներ, շրջանի ղեկավարութիւնը, ազատամարտիկ Սամուէլ Պետրոսեանը, Բաբակեն Գազանճան, Գրիգոր Քերոբեանը, Անդրանիկ Գրիգորեանը եւ զոհուած ազատամարտիկի հարազատները:


Լուսանկարները Վրաստանի Մէջ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական էջէն
