Ազատ եւ Ժողովրդավարական. ԵԽԽՎ-ի Մէջ Զեկոյց Ներկայացուեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին ներկայացուեցաւ զեկոյց, ըստ որուն՝ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները որակուեցան ազատ եւ ժողովրդավարական:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ զեկոյցին հեղինակը լեհ պատգամաւոր Ալեքսանդր Բոչիէյն է (Եւրոպական ժողովրդանկան կուսակցութիւն):

«Առանձնակիօրէն շեշտուեցաւ նախընտրական թափանցիկ մթնոլորտի առկայութիւնը եւ 3 ժամ տեւած քաղաքական բաժանմունքի իրականացման բացառիկութիւնն ու կարեւորութիւնը»,- Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարուած գրութեան մէջ կը նշէ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան փոխարինող անդամ Տաթեւիկ Հայրապետեան:

ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանը մեկնարկած է Յունուար 21-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ Յունուար 25: Նստաշրջանին ընթացքին ԵԽԽՎ նախագահ վերընտրուած է Լիլիան Մորի Բասգէն: