Համանախագահները կը Ծրագրեն Մօտիկ Ապագային Հանդիպիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները կը ծրագրեն մօտիկ ապագային հանդիպիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։ Այս մասին, ըստ Azatutyun.am-ի, Յունուար 17-ին յայտարարեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդները, Փարիզի մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ խորհրդակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութեան մէջ:

«Նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը եւ համաձայնեցան բնակչութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար յստակ միջոցառումներու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ», ըսուած է համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին վրայ։

«Նախարարները եւ համանախագահները քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն միջեւ հաւանական գագաթնաժողովի մը ուղղութեամբ յետագայ քայլերը՝ բանակցութիւնները զգալիօրէն աշխուժացնելու նպատակով։ Համանախագահները նաեւ ընդգծեցին տարածաշրջանի տնտեսական ներուժի իրականացման միտուած փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը»,- ըսուած է Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրու Շոֆըրի յայտարարութեան մէջ: