Աւարտած է Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Պաշտօնական Այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Սարգսեան այսօր այցելած են ԱՄԷ-ի մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանութիւն։

 

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հանրապետութեան նախագահը ծառ տնկած է դեսպանատան բակին մէջ։

 

Հայաստանի նախագահի այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աւարտած է
ԱՄԷ հիմնադիր նախագահ Շէյխ Զայէտի անուան Մեծ մզկիթ այցելութեամբ։

Հայաստանի նախագահը՝ մզկիթին մէջ գտնուող դամբարանին մէջ՝ յարգանքի տուրք մատուցած է Շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան Ալ Նահեանի յիշատակին։ Նախագահը նաեւ արձանագրութիւն կատարած է Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ եւ նուիրած «Ցուցակ Մատենադարանի ձեռագիր Ղուրաններու» գիրքը։