
Փայլան Հարցումներ Կ՚ուղղէ Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարին
Կարօ Փայլան հաշիւ կը պահանջէ Արդարութեան նախարարէն՝ իր դէմ Թուրք պատժական օրէնքի 301-րդ յօդուածով դատուելու արտօնութիւն տալուն պատճառով։
Փայլան իր ուղղած հարցումնագրին մէջ, նախ ընդգծած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է այդ յօդուածի բերմամբ դատապարտուիլը։ Ըստ պոլսահայ «Ակօս»-ի՝ ան նշած է, թէ Հրանդի ուղղեալ բոլոր ատելութեան պատգամներու ետին շահագործուած է այդ յօդուածով սահմանուած պատժի առկայութիւնը։ Յիշած է, թէ լոկ այս երեւոյթով Եւրոմիութեան պատշաճելու գործընթացին մէջ յօդուածը վերատեսութեան մատնուած եւ այդ յօդուածով դատ բանալու համար պայման դրուած է Արդարադատութեան նախարարի թոյլտուութիւնը։ Այսպէսով նախարարութիւնը պիտի կրնար «զտիչ» գործօն մը դառնալ, այս տեսակի դատերը եւ անոնց հետեւանքները կանխելու համար։
Կարօ Փայլան Արդարադատութեան նախարարին ուղղած է եօթը հարցում, որոնք կը վերաբերին այդ յօդուածի շրջանակով 2008 թուականէն այս կողմ յարուցուած հարցաքննութեան թոյլտւութիւններու, արգելքներու, այդ շրջագծով շարունակուող դատերու կամ արձակուած վճիռներու մասին։
Փայլան նաեւ հարցուցած է, թէ այդ շրջանակով ԵՄԻԱ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ յարուցուած մեղադրանքները քանի՞ են եւ մինչեւ օրս անոնց համար ի՞նչ հատուցում կատարուած է։