
Ժողովին Որդեգրած Քաղաքական Գիծը Պիտի Ըլլայ Պարտաւորեցնող Եւ Ուղենշող. Դաւիթ Իշխանեան
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի բացման ժամանակ իր խօսքին մէջ ըսած է.
«Ժողովը կը կայանայ երկու յատկանշական զուգակցութեամբ: Նախ ՀՅԴ հերթական Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի խիստ պատասխանատու ժամանակահատուածի մէջ եւ ապա Դաշնակցութեան 128 տարուան պատմութեան ընթացքին ան առաջին անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ ազատագրուած Արցախի մէջ: Երկու առումներով ոչ միայն ժողովի ընթացքը, այլ նաեւ արդիւնքը, որդեգրած քաղաքական գիծն ու ռազմավարութիւնը պիտի ըլլան պարտաւորեցնող եւ ուղենշող:
Ժողովի մանսակիցներուն կը մաղթեմ բեղմնաւոր աշխատանք` յուսալով, որ Դաշնակցութեան հերթական ժողովը իր աւարտին ամրութեան եւ վճռականութեան նոր նիշ կ’ունենայ, որոշումներու ու բանաձեւերու այնպիսի փաթեթ, որ ուղեցոյց կը դառնայ յառաջիկայ տարիներու համար, կ’որդեգրէ այնպիսի քաղաքական ուղեգիծ, որով կ’երաշխաւորուի մեր զոյգ պետութիւններու ներքին ամրութիւնը եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու ունակութիւնը:
Առիթէն օգտուելով, կ՛ուզեմ յայտարարել, որ 2019-ի Ապրիլին կը լրանայ Դաշնակցութեան վերադարձի 30-ամեակը Արցախ: Կանգնած ըլլալով Արցախի ազատագրման եւ արցախահայ պետականութեան վերականգնման ակունքներուն, անցած 30 տարիներուն Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը իր ներուժի զգալի մասը, թէ ֆիզիկական, թէ բարոյական առումով ներդրած է Արցախի մէջ:
Կեանքի մէջ իրողութիւն դարձած է «Դաշնակցութիւնն ու Արցախը բնական դաշնակիցներ են» կարգախօսը: Մենք լիարժէք կը գիտակցինք, որ Արցախի յաղթանակը մեր յաջողութիւններու միայն փոքր մէկ մասնիկն է: Մենք յարատեւ պայքարի գաղափարակիրներն ենք:
Ուրեմն առաջ դէպի նոր յաղթանակներ, առաջ դէպի Ազատ, Անկախ, Միացեալ, ընկերվարական ու ժողովրդավարական Հայաստանի կերտում»: