
Աշխարհի Տարբեր Երկիրներու Մէջ Պիտի Յիշատակեն Հրանդ Տինքի Սպանութեան 12-րդ Տարելիցը
Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի դարձեալ երկրի զանազան վայրերուն եւ արտասահմանի մէջ իր մահուան 12-րդ տարելիցին առթիւ կը յիշատակուի «Ակօս»-ի հիմնադիր Հրանդ Տինք։ աւանդութեան համաձայն գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Ակօս»-ի խմբագրատան մուտքին Յունուար 19-ին, ժամը 15.00-ին, ուր սպաննուած էր Հրանդ։
Իսկ ձեռնարկներու շարքը մինչեւ թերթի տպագրութեան նախորդող ժամերուն տուեալով պիտի սկսի Տուր-Տէ հարթակի Յունուար 17ին, Ճեզայիրի շէնքին մէջ կազմակերպած ասուլիսով։ «12-րդ տարին է եւ դեռ արդարութիւն կը պահանջենք» խորագրեալ ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենան Ճանան Ճոշկուն, Մելեք Ուլակայ, Բագրատ Էսդուգեան, Ռոնի Մուրկուլյէս եւ Շենոլ Քարաքաշ։
Յունուար 18-ին, Անգարա «Աքատէր» միութեան կազմակերպած ձեռնարկին ատենախօսներն են՝ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Միթհատ Սանճար եւ Բագրատ Էսդուգեան։
Նոյն օր Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու, Քաղաքական գիտութիւններու, Ընկերաբանութեան եւ Պատմութեան բաժիններու համատեղ նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ «Հրանդ Տինք՝ մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան բանախօսութիւն»ը։ Ժամը 15.00-ին համալսարանի Ալպերտ Լոնկ Հոլ դահլիճին մէջ կայանալիք բանախօսութեան համար հրաւիրուած է պաղեստինցի գրող, իրաւագէտ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռայա Շեհատէ։
Յունուար 19-ի երեկոյեան այս անգամ «Աքատէր» միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Գատըգիւղի կեդրոնին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Բագրատ Էսդուգեան։
Հրանդ Տինքի մահուան յիշատակումը Գերմանիոյ մէջ միշտ կ՚արժանանայ յատուկ ուշադրութեան եւ զանգուածային մասնակցութեան։ Արդարեւ Պեռլինի նշանաւոր Մաքսիմ Կորքի թատրոնին մէջ ժամը 17.00-էն սկսեալ ծրագրուած է զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս ֆիլմի ցուցադրութիւն, երաժշտական ելոյթներ եւ բեմարուեստի տարբեր ներկայացումներ։ Այս առթիւ հանրածանօթ լրագրող Ճան Տիւնտար Հրանդ Տինքի կեանքէն հատուածներ պիտի ներկայացնէ, որուն պիտի ընկերակցին արուեստագէտներ Սեսետէ Թերզիեան, Մեհմետ Աթէշճի եւ Ֆրանսուա Ռէժի։ Ելոյթ պիտի ունենան Ֆեթհիյէ Չեթին եւ Քարին Քարաքաշլը։ Զրոյց մը պիտի կատարուի վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Նետիմ Հազարի հետ։ Պիտի ցուցադրուի «Ծիծեռնակին բոյնը» ժապաւէնը եւ համերգով մը հանդէս պիտի գան, Ստեփան Կանտրալեան եւ Օլիվյա Նոյեմի Փէյլեր։ Այս միջոցառումը պիտի հեռարձակուի՝ (http://www.youtube.com/watch?v=PI4QKpSv2YU)
Նոյն Պեռլինի այս անգամ «Աքիպի» միութիւնը Լորի-Վիյէներ Շթրասէ 69 հասցէին մէջ ժամը 20.30-ին կը կազմակերպէ «Երգերս Հրանդին» խորագրեալ ձեռնարկը մը։
Հրանդ Տինք Յունուար 19-ին պիտի ոգեկոչուի նաեւ Քոլոյն քաղաքի մէջ, ուր ելոյթ պիտի ունենան Ճելալ Պաշլանկըչ, Ասլը Էրտողան, Միհրան Տապաղ, Ռաֆֆի Քանթեան եւ Կիւնթեր Կէուֆերթ։ Փեռնարկին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Փարիզի «Քոլեկտիֆ մեծ պազար» երաժշտական խումբը։
Յունուար 19-ին ձեռնարկ մը կազմակերպուած է Տաթչայի մէջ։ Այստեղ պիտի ցուցադրուի «Մի կորէք երեխէ՛ք» ֆիլմը, որուն ստեղծման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Թուզլայի ճամբարի սաներէն Կարապետ Օրունէօզ, որ եւս ներկայ պիտի ըլլայ։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սունա Սէօնմեզ եւ Ճենկիզ Կիւլի երաժշտական ներկայացումը։
Հայ երաժշտութեան ժամանակակից առաջատար մենակատար Պարթեւ Կարեան Յունուար 19-ի երեկոյեան Պէյօղլու «Հանճը Սահնէ» դահլիճին մէջ համերգով մը պիտի ներկայանայ, ուր իրեն պիտի ընկերակցին սաքսաֆոնահար Սայաթ Տալտալ։
ԱՄՆ Լոս Անճելըսի մէջ Պոլսահայ միութիւնը եւս ձեռնարկած է ձեռնարկ մը, ուր ելոյթ պիտի ունենան Զաքարիա Միլտանօղլու, Հայքօ Պաղտատ եւ Կարօ Ղազարեան։
Պրիւքսէլի հայկական միութիւններէն «Ժողովրդավար հայոց միութիւն»ը Յունուար 20-ին Սուրբ Մարիամ Մակտաղենացի հայոց եկեղեցւոյ մէջ հայր Զատիկ Աւետիկեանի մատուցած Ս. Պատարագէն ետք, երթով մը պիտի հասնի Հենրի Միշէօ հրապարակի հայկական խաչքարին քով, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հրանդ Տինքի յիշատակին։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ Հրանդ Տինք հոգեհանգստեան արարողութիւնով պիտի յիշատակուի Պալըքլըի գերեզմանատան իր գերեզմանին վրայ Յունուար 20-ին , ժամը 14-ին։