Հայ Դատը Կը Շնորհաւորէ Հայամէտ Քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի Պաշտօնի Բարձրացումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Նիւ Եորքէն հայամէտ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլը, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբներութեանց յանձնախումբին ատենապետը դարձաւ։

Էնկըլ մաս կը կազմէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին եւ վերջին տասնամեակին շարունակաբար արժանացած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարձրագոյն արժեւորումին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը յիշեցնէ, թէ Հայ Դատը սերտ յարաբերութիւններ ունէր նաեւ նախորդ ատենապետ՝ Էտ Ռոյստի հետ, որուն հետ համագործակցելով Էնկըլ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու նպատակով շարք մը քայլեր առած էր։

Նշենք, որ քոնկրեսական Էնկըլ նաեւ մասնակցած էր 2014ին դէպի Հայաստան կատարուած քոնկրեսական պատուիրակութեան այցելութեան եւ հոնկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ներողութիւն խնդրելու կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ Այդ մասին տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/z2MVc4ndnA8 կայքէջը։

Նաեւ, Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, Էնկըլ մէկն էր այն քոնկրեսականներէն, որոնք կոչ ըրած էին նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ հանդիպում մը ունենայ այդ օրերու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման։