Արարատ Միրզոյեան Միաձայն Ընտրուեցաւ 7-րդ Գումարման Ազգային Ժողովի Նախագահ

Հայաստան

ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Յունուար 14-ին ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի ընթացքին յայտնեց ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Յովակիմեան:

«Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ԱԺ 132 պատգամաւորներու 131 կողմ ձայնով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Արարատ Միրզոյան»,- ըսած է Յովակիմեան:

1 քուէաթերթիկ եղած է անվաւեր:

Արարատ Միրզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան այսպիսի բարձր քուէի համար: «Այսպիսի քուէն իսկապէս պարտաւորեցնող է: ԱԺ նախագահի պաշտօնին իւրաքանչիւր րոպէ պիտի աշխատիմ յիշել այս պարտաւորութիւնը»,- ըսած է Միրզոյեան:

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները նախագահի թեկնածու չէին առաջադրած: