Հայ Դատի Գործիչներու Հանդիպումը Նոր Քոնկրեսի Անդամներուն Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատի նոր սերունդի շարք մը գործիչներ, փորձառու գործիչներու կողքին, շարք մը հանդիպումներ ունեցան Միացեալ Նահանգերու նորընտիր՝ 116-րդ Քոնկրեսի անդամերուն հետ, մօտէն ծանօթանալով հայութեան իրաւանց պաշտպան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, որոնց շարքին էին՝ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ եւ քոնկրեսական Ճեֆ Ֆորթընպերի։

Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անի Չաղլասեան կը յայտնէ, թէ պատուիրակութեան մաս կազմեցին երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի, ՀԵԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամներ։

Հայ Դատի պատուիրակութեան անդամները իրենց երկօրեայ այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւններ ունեցան նաեւքոնկրեսականներու գրասենեակներու հայ պաշտօնատարներու եւ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու շրջանաւարտներու հետ։

Նշենք, որ 116րդ Քոնկրեսի անդամներուն մէջ կան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող առաւել քան 250 քոնկրեսականներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 90-ը նորեկներ են։