
Ազգային Փոքրամասնութիւններու Պատգամաւորները ՀՀ Նոր Իշխանութիւններուն Հետ Պիտի Աշխատին Ինչպէս Առաջ
ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ասորական համայնքը ներկայացնող Արսէն Միխայլովն ու քրտական համայնքը ներկայացնող Կնեազ Հասանովը նոր իշխանութեան հետ պիտի աշխատին նոյն ձեւով, ինչպէս աշխատած են նախկին իշխանութեան հետ: Պատգամաւորները, այս մասին, ըսած են Armenpress.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Հասանովն ու Միխայլովը 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ իրենց համայնքներուն կողմէ ներկայացուած էին նախապէս իշխող Հանրապետական խմբակցութեան մէջ, այսօր արդէն ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն կազմած «Իմ քայլը» խմբակցութեան կազմին մէջ են:
«Նախորդ իշխանութեան հետ աշխատանքը բնական կը գնահատեմ: Կրցած ենք հարցեր բարձրացնել եւ լուծումներ ստանալ մեր համայնքին վերաբերեալ: Օրինակ` մեզի համար շատ կարեւոր էր խոշորացման ծրագիրը, ուր ընդգրկուած էին մեր ասորաբնակ գիւղերը: Ես այդ հարցը կրցայ բարձրացնել եւ խնդրել, որ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքներու խոշորացումը չըլլայ, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց կրթամշակութային հարցերը»,- նշած է Արսէն Միխայլով:
Քրտական համայնքի ներկայացուցիչ Կնեազ Հասանովի խօսքով` նախորդ իշխանութիւններու թերութիւններուն համար ժողովուրդը իր գնահատականը տուած է:
«Նախորդ իշխանութիւններուն օրով մեր բոլոր հարցերը բարձրացուած են եւ ստացած իրենց լուծումները: Մնացեալ բոլոր թերութիւններուն համար ժողովուրդը արդէն իր գնահատականը տուած է»,- ըսած է Հասանովը:
Ասորական համայնքը լուծման կարիք ունեցող հրատապ խնդիրներ այժմ չունի, բայց անհրաժեշտ պարագային անոնք պիտի ներկայացնէ նաեւ նոր ձեւաւորուած իշխանութեան:
«Հրատապ հարցեր չկան: Ունինք, ի հարկէ կրթամշակութային ոլորտին մէջ հարցեր, որոնք պէտք է կրկին բարձրացնենք ու տեսնենք, թէ ինչ լուծում պիտի ստանան: Հրատապ հարցերով կը զբաղին մեր համայնքային կազմակերպութիւնները, իսկ այն հարցերը, որոնք մեր համայնքային կազմակերպութիւնները չեն կրնած լուծել, պիտի բարձրացնենք Ազգային ժողովին մէջ, որ կարենանք լուծում տալ»,- նշած է Միխայլով:
Ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կ՝ակնկալեն նոր ձեւաւորուած Ազգային ժողովի մեծամասնութենէն:
«Մարդիկ կ՝ուզեն բաց աշխատիլ, համարձակ, ազնիւ: Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ պէտք է ընդունին ազգային փոքրամասնութիւնները այնպէս, ինչպէս միշտ եղած է, եւ իրենց խնդիրներով զբաղին ու լուծումներ տան»,- ըսած է ասորական համայնքի ներկայացուցիչը:
Քրտական համայնքի ներկայացուցիչը մեծ յոյսեր կը կապէ տնտեսական յեղափոխութեան հետ:
«Ներկայ իշխանութիւնները խոստացած են, որ պէտք է յայտարարեն տնտեսական յեղափոխութիւն, եւ այս տնտեսութիւնը երբ զարգանայ, նաեւ կը զարգանան մեր երկիրն ու բանակը: Տնտեսութեան զարգացումէն կախուած են նաեւ մնացեալ բոլոր հարցերը` կենցաղը, մշակոյթը, կեցութիւնը»,- նշած է Հասանով:
7-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած է 4 ազգային փոքրամասնութիւններու մէկական ներկայացուցիչ: