ՀՀ Նորընտիր Ազգային Ժողովի Կին Պատգամաւորներուն Թիւը 14-ով Կ՝աւելնայ

Հայաստան

ՀՀ նորընտիր Ազգային ժողովի կին պատգամաւորներուն թիւը պիտի ըլլայ 32. նախորդ գումարման խորհրդարանին մէջ անոնք 18 էին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ կիները պիտի կազմեն 7-րդ գումարման ԱԺ-ի 132 պատգամաւորներու մօտ 25 տոկոսը:

«Իմ քայլը» դաշինքէն խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ 23 կին պատգամաւոր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն՝ 5 կին պատգամաւոր, իսկ  «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն՝ 4։