Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Յստակ Ժամկէտներ Չենք Դներ. Զախարովա

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կը յայտնէ, թէ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը ժամանակային շրջանակի մէջ չեն դներ:

«Մենք միշտ հանդէս եկած ենք տագնապի շուտափոյթ լուծման եւ այդ լուծումը ապահովող միջոցներուն ի նպաստ: Յստակ ժամկէտներու մասին կը նախընտրեմ չխօսիլ: Պատմութիւնը երկարատեւ է, ցաւօք, ասիկա ձգձգուող տագնապ է: Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին` իբրեւ (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի) համանախագահ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի հետ ընդհանուր անցեալ ու պատմութիւն ունեցող երկիր, մեր կողմէն պիտի կատարուի անհրաժեշտ ամէն բան», ըսած է Զախարովա:

Ան նաեւ դժուարացած է նշել, թէ արդեօք Ռուսիան հանդէս պիտի գա՞յ իբրեւ յունուար 2019-ի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի կազմակերպիչ: