Լիբանանի Մէջ ՀՀ Նորանշանակ Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբէկեան շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ:

Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, հանդիպումին քննարկուեցան Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ:

Իր ստանձնած նոր պատասխանատուութեան առիթով, առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած դեսպանին, եւ մաղթեց յարատեւ վերելք ու նորանոր յաջողութիւններ: Դեսպան Աթաբէկեան իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց զարգացնելու դեսպանատուն-առաջնորդարան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ