Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով Քննարկած են Հայ-ռուսական Դաշնակցային Յարաբերութիւններու Օրակարգի Հարցեր

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, Դեկտեմբեր 27-ին, հանդիպած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին ընթացքիմ քննարկուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր։