Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ Գերմանիոյ Մէջ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ Թիւրինկիա երկրամասի Զուլ քաղաքի Մայր Տաճարին մէջ, Դեկտեմբեր 23-ին, տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Թիւրինկիոյ տղամարդոց երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Մայք Կրուխենպըրկի գլխաւորութեամբ, հանդէս եկաւ Կոմիտասի, Հենտելի, Պախի, ինչպէս նաեւ Գերմանական Սուրբ Ծննդեան երգերու կատարումներով։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, երգչախումբի անդամներուն եւ կազմակերպիչներուն, նշեց, որ պարտաւորուած կը զգայ ելոյթ ունենալու այսօրուան համերգին։ Դեսպանի խօսքով` բարեգործութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, եւ անոր վառ ապացոյցներէն է Մայր Տաճարի մէջ կազմակերպուած այս համերգը. «Ինչպէս երեսուն տարի առաջ Զուլ քաղաքի բնակիչները իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնեցին Հայաստանին, այնպէս ալ, այսօր, անոնք կը շարունակեն բարեգործական ծրագիր իրականացնել Հայաստանի մէջ»,- ըսաւ դեսպանը:

Համերգին ներկայ շուրջ 1000 հանդիսատեսի մէջ էին Զուլի քաղաքապետ Անտրէ Քնապպը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ եւ այլք:

Տեղեկանք. Թիւրինկիոյ երկրամասի Զուլ քաղաքի Մայր Տաճարը Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութեան գոյութեան տարիներուն չէր ծառայեր իբրեւ եկեղեցի։ Այդ շրջանին, Թիւրինկիոյ տղամարդոց երգչախումբի ղեկավար Հուպերդ Ֆոյկդ բազմիցս դիմած էր իշխանութիւններուն` խնդրելով արտօնել համերգով հանդէս գալ Զուլի Մայր Տաճարին մէջ, սակայն բոլոր դիմումները մերժուած էին։ 1988 Դեկտեմբեր 7-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք՝ Ֆոյկդը վերստին դիմեց տեղական իշխանութիւններուն՝ խնդրելով արտօնել իրականացնել բարեգործական համերգ: 1988 Դեկտեմբեր 17-ին, արտօնութիւն տրուեցաւ Մայր Տաճարին մէջ կազմակերպելու այդ համերգը, որմէ եկած ողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ Հայաստան։ 30 տարի անց, Զուլի Մայր Տաճարին մէջ կայացած բարեգործական համերգին հասոյթը եւս պիտի փոխանցուի Հայաստան` Գեղարքունիքի մարզի Լիճք գիւղի միջնակարգ դպրոցին, ուր գերմաներէնը կը շարունակէ դասաւանդուիլ իբրեւ օտար լեզու: