Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Ուաշինկթընի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 19-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ: ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ դեսպանութեան աշխատակիցներ ծաղկեպսակ տեղադրեցին Ամերիկեան Կարմիր խաչի կեդրոնակայեանի պուրակին մէջ գտնուող ճարտարապետ Ֆրէտ Սողոյեանի հեղինակած «Հայրենիք» յուշարձանին մօտ (բացուած է 1991 թուականին ի նշան երախտագիտութիւն Ամերիկայի ժողովուրդին` 1988թ. Երկրաշարժէն ետք Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելուն համար): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Այնուհետեւ, ՀՀ դեսպանութեան հարկին տակ կայացաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին 1988թ. փրկարարական աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով Հայաստան գործուղուած Վիրճինիա նահանգի Ֆէյրֆաքս շրջանի եւ Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցներ, պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով բիւրոյի Կովկասի ու տարածաշրջանային հակամարտութիւններու բաժինի պետ Ալիշիա Էլիսընը (Alicia Allison) ու Հայաստանի հարցերով պատասխանատու Մարինա Կրէյսընը (Marina Grayson), պաշտպանութեան քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ԱՄՆ զարգացման միջազգային գործակալութեան Արտաքին ճգնաժամերու աջակցութեան գրասենեակի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպաններ Մայքլ Լեմընը (Michael Lemmon) եւ Ճոն Էւանսը (John Evans), ինչպէս նաեւ` հայ համայնքի անդամներ:

Դեսպան Ներսէսեան երախտագիտութիւն յայտնեց ԱՄՆ կառավարութեան ու ամերիկահայ համայնքին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած անգնահատելի աջակցութեան համար: Ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ երկրաշարժէն ետք ամերիկեան տարբեր կառոյցներու եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած օգնութեան վերաբերեալ կարճ ֆիլմ:

Դեսպան Ներսէսեան աղէտի գօտի գործուղուած հրշէջներուն ու փրկարարներուն յանձնեց ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան շնորհակալագրերը: