Ռումբի Մը Պայթումին Համազօր Գրառումը
Վահրամ Էմմիեան
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 19 դեկտեմբերին «Թուիթըր»-ի վրայ քանի մը տողերէ բաղկացած գրառում մը կատարելով վճռեց Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ եւ Մընպեժ գտնուող քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը` անակնկալի մատնելով բոլորը, մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի մնացեալ անդամները: Քիւրտերը այդ արարքը իրաւամբ կոչեցին «թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը» եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Մընպեժի վերեւ բարձրացնելու Սուրիոյ դրօշը: Այդ յուսահատ քայլը եւ նմանօրինակ յայտարարութիւնները, սակայն, պիտի չկարենան փրկել զանոնք, ինչպէս որ չկրցան փրկել Աֆրինի մէջ:
Ստեղծուած կացութեան մէջ Փենթակոնի ղեկավարն ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչն ու Անգարայի աչքին փուշը եղող Պրաթ Մքկըրք հրաժարեցան: Ըստ տեղեկութեանց, վերջինս իր երկրի որոշումին մասին տեղեակ դարձած է «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած գրառումէն, մինչ Պաղտատի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ կ՛ունենար հանդիպումներ: Կարելի է միայն երեւակայել այն նեղ ու խայտառակ կացութիւնը, որուն դէմ յանդիման գտնուած է ան: Հեգնական է, որ, ըստ տեղեկութեանց, Անգարան, ի տարբերութիւն Մքկըրքի, այդ ծրագիրէն տեղեակ եղած է արդէն 17 Դեկտեմբերին:
Ճիշդ է, որ Ուաշինկթըն նախապէս յայտարարած էր, թէ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք, քիւրտերուն հետ իր դաշինքը վերջ կը գտնէ, սակայն ահա անակնկալ կերպով եւ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի պարտութիւնը կը հեռանայ շրջանէն` ստեղծելով բաց մը: Այժմ Ռուսիոյ կամ Իրանի այդ բացը լեցնելու վտանգը կանխարգիլելու համար, նախապէս գոյացած համաձայնութեամբ մը, յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ «թեկնածութիւնը»: Թրամփ կը հաւաստէ, թէ Էրտողան խոստացած է վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդացին եւ ան «անձ մըն է, որ կրնայ ատիկա կատարել», մանաւանդ որ Թուրքիան մերձակայ երկիր է: Կարելի՞ է բացառել, թէ շաբաթը ուրբաթէն առաջ կրնայ գալ…:
Թրամփի գրառումը մեծ ռումբի մը պէս պայթեցաւ եւ ստեղծեց կատարուած իրողութիւն մը` հաւասարապէս անակնկալի մատնելով դաշնակիցներն ու հակառակորդները: Առաջիններուն, եւ ընդհանրապէս արար աշխարհի մօտ, ամերիկեան վարչակարգին նկատմամբ անվստահութիւնը առաւել եւս ամրապնդուեցաւ: Ամրապնդուեցաւ նաեւ թուիթըրեան դիւանագիտութիւնը, որ աշխարհի միակ գերուժի նախագահին կողմէ կը կիրարկուի փոխան աւանդական դիւանագիտութեան` առաւել եւս ամրագրելով զայն կիրարկողին անկանխատեսելիութիւնը եւ ականահարելով Միացեալ Նահանգներու իբրեւ դաշնակից վստահելիութիւնը:
